Նորվեկիոյ Ֆրետրիքսթատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Պիելոռուսիա մրցումը, որ կ՛իյնայ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վերջ գտաւ Պիելոռուսիոյ յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Յարութիւնեան (46-րդ) եւ Արթուր Միխայէլեան (79-րդ):
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ Յարութիւնեան:


