Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նետերլանտներու Հուկեվին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Հուկեվին Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր:
Ան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5,5 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ Նիքօ Ցվիրս (Նետերլանտներ):
Վճռելու համար տիտղոսակիրին անունը, տեղի ունեցաւ թայ պրէյքի մրցում մը` անոնց միջեւ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամը հանդիսացաւ տիտղոսակիր` արձանագրելէ ետք 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:


