Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Արարատ-Արմենիա, Շիրակ, Լեռնային Արցախ եւ Ուրարտու:
Տեղի ունեցած այս մրցումներէն ետք, այժմ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ուրարտու, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 31 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 27 կէտով կը գրաւէ Ալաշկերտ, իսկ լաւագոյն եռեակը 25 կէտով կ՛ամբողջացնէ Արարատ-Արմենիա:
Ախոյեանութեան մասնակցող մնացեալ խումբերը ունին հետեւեալ կէտերը. Փիւնիկ (երկու մրցում նուազ կատարած)` 21 կէտ, Լեռնային Արցախ` 18, Վան` 17, Շիրակ` 14, Արարատ` 11, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբ` 7 եւ Նոա` 5:


