Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Շիահի մարզադաշտին վրայ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 56 կէտի տարբերութեամբ մեծ յաղթանակ մը` 132-76 արդիւնքով (30-11, 42-21, 29-24 եւ 31-20):
Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայքըլ Տիքսըն (32 կէտ), իսկ Աթլասէն 23 կէտ նշանակեց Ուիլսըն Սիտնի:
Նշենք, որ այսպիսով Պէյրութ Սաժես Պէյրութի նման արձանագրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ յաղթանակը:


