Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Լայփցիկ-Ռէալ Մատրիտ մրցումին, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, հայ համակիրներ թրիպիւնին վրայ ցուցադրեցին Արցախի դրօշակը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ գերմանական կազմին յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ռէալ Մատրիտ արդէն իսկ ապահոված էր յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:


