Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Սուրիա մեկնեցան ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիտըրզի տղոց պասքեթպոլի խումբերը` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար սուրիական «Սուփըր Քափ» պասքեթպոլի միջազգային երկրորդ մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ահլի Հալէպ, Ուահտէ, Նաուահիր եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ:
Իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Քարամէ, Սուրիոյ բանակի հաւաքական, Ժալաա եւ Լիտըրզ:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Ֆայհա» մարզադաշտին մէջ:
Բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ուահտէի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի միջեւ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


