Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան մինչեւ 2022-ի Մոնտիալ պիտի չկարենայ ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Ֆրանսացին, Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումին (1-1), պատռեց իր ազդրին ետեւի մկանը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պատրաստ պիտի չըլլայ Մոնտիալի մրցումներուն մասնակցելու:
Վարան անցեալին իր ստացած վնասուածքին պատճառով բացակայած էր «ԵՒՐՕ-2016»-ի ֆութպոլի ախոյեանութենէն:
Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը պիտի սկսի 20 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 18 դեկտեմբերին:


