Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիին:
Մրցումը վերջ գտաւ Սաժեսի յաղթանակով` 81-64 արդիւնքով:
Այս յաղթանակը անոր համար հանդիսացաւ տարեշրջանի հինգերորդը:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քերուան Ռաշ (27 կէտ), մինչ անոր խմբակից Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Աթլասը:


