Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսէն խլուեցաւ 15 կէտ` նիւթական խախտումներու պատճառով:
Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթին համաձայն, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն նոյն պատճառով կրնայ Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած Եուվենթուսը հեռացնել եւրոպական մրցաշարքերէն:
Նոյն պատճառով Եուվենթուս 2021-ին ստացաւ 3,5 միլիոն եւրօ տուգանք:
Այդ գումարը պիտի վերածուի 23 միլիոն եւրոյի, եթէ յառաջիկայ երեք տարիներուն փաստուի, որ անիկա իսկապէս կատարած է նիւթական խախտումներ:
Նշուեցաւ, որ եթէ այս տարեշրջանի աւարտին Եուվենթուս չյաջողի եւրոպական մրցաշարքերուն գծով տոմս մը ապահովել, անոր դէմ սահմանուելիք տուգանքը ուժի մէջ պիտի մտնէ այն ժամանակ, երբ անիկա եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցելու իրաւունք ստանայ: