Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Փրեսնել Քիմփեմպէ մտադիր է յառաջիկայ ամրան ընթացքին հեռանալ մայրաքաղաքի կազմէն:
Հակառակ անոր որ անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 2024-ի ամառ, սակայն ան կը փափաքի այլ երկրի մը ախոյեանութեան մասնակցիլ:
27 տարեկան Քիմփեմպէ, որ փարիզեան ակումբի սան է, 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ անոր հիմնական կազմին: