Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Նիւքասըլ Եունայթըտ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրիսթալ Փալասի դաշտին վրայ, սակայն ատոր շնորհիւ անիկա ակումբային կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց:
Նիւքասըլ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն գծով իր անպարտելիութեան շարքը հասցուց 15 մրցումի:
Էտի Հաուի գլխաւորած կազմը` Նիւքասըլ, ընթացիկ տարեշրջանին իր վերջին պարտութիւնը կրեց 5-րդ հանգրուանին, Լիվըրփուլէն` 2-1 արդիւնքով, որմէ ետք խումբը արձանագրեց 9 յաղթանակ եւ 6 հաւասարութիւն: