Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ իր կազմին միացուց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի զուիցերիացի բերդապահ Եանն Սոմերը այս մասին յայտնեց միւնիխեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
34 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2025:
Ինչպէս ծանօթ է, Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ոտքի կոտրուածքի պատճառով այս տարեշրջանին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Նշենք, որ Սոմերի պայմանագրութիւնը Մէօնշընկլատպախի հետ նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Պէտք է ըսել, որ Սոմեր կը նկատուի բաւական փորձառու բերդապահ մը:
Ան ընթացիկ տարեշրջանին, բացառիկ մրցանիշ մը հաստատեց, երբ մրցումի մը ընթացքին («Պունտըսլիկա») կատարեց 19 սէյվ:


