Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Լիտըրզ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ, հիւր կազմին յաղթանակով` 76-68 արդիւնքով (18-17, 13-14, 19-25 եւ 18-20):
Մրցումին տեւողութիւնը եղաւ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէր ինք ըլլար մրցումին յաղթականը:
Հակառակ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներուն տիրական ներկայութեան եւ անոնց ընկերակցող ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, սերպ մարզիչ Մարքօ Ֆիլիփովիչի գլխաւորած կազմը` ՀՄԸՄ չկրցաւ դառնալ մրցումի յաղթականը, ինչ որ պատճառ դարձաւ կազմին այս տարեշրջանի 11-րդ պարտութեան` 3 յաղթանակի կողքին:
Իսկ մրցակից կազմը` Լիտըրզ, որ ցարդ կրած է 9 պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Տանիել Պաղտատեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակիցներ` Ճոշուա Քարտուել եւ Ճեսի Ճոնզ, յաջորդաբար նշանակեցին 30 եւ 20 կէտ:


