Մեքսիքական Փումաս ակումբին եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Տենի Ալվես, որ ամբաստանուած է սեռային ոտնձգութիւններ կատարելու յանցանքով, Պարսելոնայի մէջ ձերբակալուեցաւ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
39 տարեկան ֆութպոլիստը հարցաքննութեան համար Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքի ոստիկանատուն ներկայանալէ ետք ձերբակալուած է:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան նախորդ 30 դեկտեմբերին Պարսելոնայի գիշերային ակումբի մը մէջ երիտասարդ կնոջ մը նկատմամբ բռնութիւն կատարած է:
Սակայն Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստը կը մերժէ այս մեղադրանքը:
Նշենք, որ այս լուրին հրապարակումէն կարճ ատեն մը ետք, Փումաս իր պայմանագրութիւնը խզեց Ալվեսի հետ: