Լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, յառաջիկայ ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ անգլիական ակումբէն` նկատի ունենալով, որ անոր նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկուի, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Իտալացի Քոնթէ, որ նոյեմբեր 2021-ին նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչ, մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ:
Նշենք, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թոթենհամի մրցակիցն է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլանը: