Լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հերի Քէյն պատրաստ է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Մանչեսթըրեան ակումբին ղեկավարութիւնը մտադիր է անոր այս փոխանցումը ամէն գնով կատարել յառաջիկայ ամրան ընթացքին:
Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըրի նետերլանտցի մարզիչ Էրիք Թեն Հակի կողմէ ան նկատի առնուած առաջին ֆութպոլիստն է` խումբին միանալիք նոր մարզիկներու ցանկին մէջ:
29 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Պայէրն Միւնիխ:
Թոթենհամ իր ֆութպոլիստին այս փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 100 միլիոն սթերլինկ:


