Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Ինթեր Միլանի պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ երկրի ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի դէմ իր նշանակած կոլին շնորհիւ գերազանցեց Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տարիքային մրցանիշը` Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումներուն գծով:
Ծեքօ կոլի հեղինակ դարձաւ 36 տարեկան եւ 307 օրականին, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ռոնալտօ Իտալիոյ գերբաժակի մրցաշարքին կոլ նշանակած էր, երբ 35 տարեկան եւ 350 օրական էր:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Ինթեր Միլան 3-0 արդիւնքով յաղթելով Ա. Սէ. Միլանին, 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Ծեքոյի խմբակից եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ կոլ չնշանակեց վերոնշեալ մրցումին, սակայն յաջողեցաւ տիրանալ իր արհեստավարժ ասպարէզին 5-րդ գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:


