Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուրարտու, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Եունայթըտ խումբին դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ հայկական կազմին յաղթանակով, 4-2 արդիւնքով:
Ուրարտուի ուսումնամարզական հաւաքը Տուպայի մէջ իր աւարտին պիտի հասնի երկուշաբթի, 13 փետրուարին:
Հաւաքին ընթացքին, Ուրարտու պիտի մրցի նաեւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, Լոքոմոթիւ Մոսկուա, Կոլֆ Եունայթըտ եւ Կրին Հերոնս խումբերուն դէմ (վերջին երկուքը տեղւոյն կազմերէն են):