Եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահ շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու ամառնային փոխանցումները, հեռանայ իր ակումբէն` Լիվըրփուլէն, այս մասին յայտնեց «Քալչիօ Մերքաթօ»:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստը տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Լիվըրփուլեան ակումբը պատրաստ է քննարկելու ֆրանսական այս առաջարկը, սակայն իր ֆութպոլիստին համար պահանջելով 80 միլիոն եւրօ:
30 տարեկան Սալահ, որ 2017-էն ի վեր հանդէս կու գայ Լիվըրփուլի հետ, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2025-ի ամառը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին 30 մրցումի ընթացքին նշանակած է 17 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: