Պարսելոնայի յառաջապահ Անսու Ֆաթի շատ հաւանաբար միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անգլիական ակումբը պահը յարմար կը գտնէ իր կազմին միացնելու սպանացի ֆութպոլիստը` նկատի ունենալով, որ ան բաւական խաղաժամանակ չի ստանար իր ակումբէն:
Նշենք սակայն, որ 20 տարեկան Ֆաթի մինչեւ 2027-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է քաթալոնական ակումբին հետ, մինչ անոր հրաժարագինը կը կազմէ` 1 միլիառ եւրօ: