Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտականին հասնող խումբերը:
26 փետրուարին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Նիւքասըլ Եունայթըտ:
Նախապէս անոնք երկուքը իրարու դէմ յանդիման եկած էին 1999-ին:
Մանչեսթըր քաղաքի կազմը մրցաշարքէն դուրս ձգեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը` արձանագրելով 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը (3-0 եւ 2-0), մինչ Նիւքասըլ իր յաղթանակը արձանագրեց Սաութհեմփթընի դէմ` 3-1 արդիւնքով (1-0 եւ 2-1):


