Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզին:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի 29 տարեկան ֆութպոլիստը, այդպիսի որոշում տուած է 2022-ի Մոնտիալի աւարտէն ետք, նախ իր կազմին կրած պարտութեան, ֆիզիքական եւ հոգեբանական գերյոգնածութեան, ինչպէս նաեւ` ծունկի հետ կապուած խնդիրներու պատճառներով:
Ան 10 տարուան ընթացքին Ֆրանսայի հետ դաշտ ներկայացած է 93 միջազգային մրցումի ընթացքին:
Վարանի կատարած այս յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ միշտ փորձեց իր առաւելագոյնը տալ ազգային խումբին:


