Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը, եւ այդ մէկը` վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Էվըրթընէն, որ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 19-րդ եւ նախավերջին դիրքէն բարձրացաւ 18-րդ դիրքին:
Մրցումին միակ կոլը 60-րդ վայրկեանին նշանակեց անգլիացի յետսապահ Ճէյմս Թարքովսքի:
Այսպիսով, «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Էվըրթըն իր դաշտին վրայ իր կատարած յաջորդական երեք մրցումներուն ընթացքին յաղթեց Արսենալին (2-1, 2-1 եւ 1-0):
Ատկէ բացի, Էվըրթընի նոր նշանակուած մարզիչ Շոն Տայչ դարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան երկրորդ մարզիչը, որ յաղթանակ արձանագրեց Արսենալի դէմ, իր նորամուտի մրցումին:
Մանչեսթըր Եունայթըտ իր հիւրին` Քրիսթալ Փալասի դէմ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Լիվըրփուլ Վուլվզի դաշտին վրայ կրեց 3-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը: