Գերմանական Շթութկարթ ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող յոյն յետսապահ Քոնսթանթինոս Մաւրոփանոս, Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին ինքնակոլի հեղինակ դարձաւ:
25 տարեկան ֆութպոլիստը 48 մեթր հեռաւորութենէն սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց:
Ասիկա մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն հեռու տարածութենէն ինքնակոլը կը նկատուի:
Փատերպոռնի դէմ տեղի ունեցած մրցումի 4-րդ վայրկեանին, երբ ան նեղ կացութեան մատնուած էր, գնդակը փոխանցած էր խումբին բերդապահին, որ չէր կրցած գնդակը բռնել, եւ անիկա մուտք գործած էր բերդէն ներս:
Այդ մրցումին բարեբախտաբար անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:


