Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի մասնակցութիւնը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի դէմ կատարուելիք մրցումին վտանգուած է, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն «Լ՛Էքիփ»-ը:
Ֆրանսացին, որ Մոնփելիէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, շատ հաւանաբար մինչեւ Պայէրն Միւնիխի դէմ կատարուելիք մրցումը («Չեմփիընզ Լիկ») չկարենայ լաւապէս ապաքինիլ:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, ֆութպոլիստը շուրջ երեք շաբաթ կրնայ բացակայիլ դաշտերէն:
Գերմանական խումբին դէմ 1-16-րդ հանգրուանին գծով կատարուելիք երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 փետրուարին, մինչ դարձի մրցումը` 8 մարտին:
Վերոնշեալ մրցաշարքին գծով ֆրանսացին իր ակումբին հետ ցարդ նշանակած է 7 կոլ:


