Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ պիտի բացակայի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումէն (14 փետրուար):
Գերմանական ակումբին մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ նոյեմբերին իր ստացած վնասուածքէն ետք ենթարկուած էր ծունկի վիրաբուժութեան եւ բացակայած 2022-ի Մոնտիալէն, նախորդ շաբաթ սկսած էր իր փորձերուն:
Կ՛ակնկալուի սակայն, որ Մանէ իր մասնակցութիւնը բերէ 8 մարտին Միւնիխի մէջ տեղի ունենալիք 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումին: