Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը, հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել 13-19 փետրուարին Ռոթերտամի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունենալիք «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի պաշտօնական կայքը:
Անոր բացակայութեան պատճառը չնշուեցաւ սակայն:
26 տարեկան Խաչանովին պիտի փոխարինէ ֆրանսացի Պենժամեն Պոնզի:
Նշենք, որ 2023 տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, Խաչանով նախորդ 27 յունուարին յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ կիսաւարտական հանգրուան: