Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ-Երեւանին պիտի շնորհուի Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսը:
«Յակոբ Տօնոյեան»-ի անուան գերբաժակի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին Հայաստանի ախոյեանն ու բաժակակիրը, ընդհանրապէս կը կատարուի ամէն տարի սեպտեմբերին:
Սակայն նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ օրը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով մրցում մը ունէր կատարելիք Ուքրանիոյ դէմ, կարելի չեղաւ այդ մրցումը կայացնել այդ օր:
Բացի ասկէ, նկատի ունենալով, որ Փիւնիկ բաւական խճողուած յայտագիր մը ունէր եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով, կարելի չէր կատարել այդ մրցումը:
Նախքան 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը տրուիլը, Նորավանք, որ Հայաստանի բաժակակիրն էր, դադրեցուց ֆութպոլի իր գոյութիւնը:
Հետեւաբար, ֆետերասիոնը, ըստ կանոնագիրի, որոշեց այդ տիտղոսը յանձնել Փիւնիկին:


