Միացեալ Նահանգներու կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, եւ երկրին տղոց եւ աղջկանց կռփամարտի ազգային խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
Նշուեցաւ, որ աշխարհի ախոյեանութիւնները պոյքոթի ենթարկելու պատճառներէն մէկը Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ՊԻ. ԷՅ.») տուած որոշումն է, որ կ՛արտօնէ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ կռփամարտիկներուն աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցիլ` իրենց երկիրներուն դրօշներով:
Նախքան այս որոշումը, Ֆինլանտայի կռփամարտի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ նոյն պատճառով, երկրին ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ աշխարհի աղջկանց ախոյեանութեան:
Աղջկանց աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15-31 մարտին` Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան), իսկ տղոց ախոյեանութիւնը 1-14 մայիսին` Թաշքենտի մէջ (Ուզպեքիստան):


