Ֆրանսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ ամբողջութեամբ դէմ է ռուս մարզիկներուն մասնակցութեան` «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
«Որոշումը պէտք է ընդունի Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն: Ես կողմ չեմ անոնց առանց դրօշի մասնակցութեան ալ: Այս իրադարձութիւններէն ետք դժուար է ռուս մարզիկներն ու անոնց պատուիրակութիւնը տեսնել շքերթին մասնակցող մարզիկներուն հետ միասնաբար», ըսաւ 63 տարեկան քաղաքապետը:
Նշենք, որ Փարիզի ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն 11 օգոստոս 2024-ին:


