Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարսէյ, որ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անիկա վերջին անգամ 12 տարի առաջ` նոյեմբեր 2011-ին «Վելոտրոմ»-ի իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր փարիզեան կազմին, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումին:
Մարսէյ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ իր դաշտին վրայ 9 մրցումի ընթացքին յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել:
Վերջին անգամ Մարսէյ Փարիզ Սեն Ժերմենի յաղթած էր 14 սեպտեմբեր 2020-ին` Ֆրանսայի ախոյեանութեան գծով, Փարիզի մէջ արձանագրելով իր յաղթանակը:
Նշենք, որ արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով Մարսէյ, Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Սեն Ժերմենը:
Ալեքսիս Սանչես (31-րդ` փենալթիով) եւ Ռուսլան Մալինովսքի (57-րդ) նշանակեցին Մարսէյի կոլերը, իսկ Սերճիօ Ռամոս` հիւր կազմին կոլը (45+2-րդ):


