Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին 15-րդ հանգրուանին յետաձգուած մրցումներուն գծով այսօր կը կատարուին երկու ճակատումներ:
Երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ, Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Շանվիլը, մինչ երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Ռոքլենտ-Արենա» մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ) տեղի կ՛ունենայ Տինամօ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Ռիատի արձանագրած է 12 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, Շանվիլ` 7 յաղթանակ եւ նոյնքան պարտութիւն, Տինամօ` 13 յաղթանակ եւ պարտութիւն մը, իսկ Սաժես` 13 յաղթանակ եւ երկու պարտութիւն:


