Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Արարատ, գարնանային հատուածի մեկնարկային քանի մը մրցումները պիտի չկատարէ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումներուն նախօրեակին հոն տեղի ունենալիք նախապատրաստական աշխատանքներուն պատճառով:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արարատ իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները պիտի խաղայ Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ:
Աբովեանի մէջ, Արարատ 27 փետրուարին պիտի հիւրընկալէ Արարատ-Արմենիան, իսկ 9 մարտին` Վանը: