Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիա յայտնեց, որ Արժանթին, Ուրուկուէյ, Չիլի եւ Փարակուէյ համատեղ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին` հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը:
«Այսօր շատ կարեւոր օր մըն է մեր չորս երկիրներու պատմութեան համար` նկատի ունենալով, որ մենք կ՛երազենք աշխարհի ախոյեանութեան 100-ամեակը հիւրընկալելու մասին:
«Մենք գիտենք, որ ասիկա մեծ պարտաւորութիւն է, որպէսզի մենք ապացուցենք ամբողջ աշխարհին, որ մենք չորսս կը համապատասխանենք 2030-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը ընդունելու», անոր խօսքը մէջբերեց Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 2026-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:


