Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ, ֆրանսահայ մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան դարձեալ գլխաւորեց Մոնփելիէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
59 տարեկան մասնագէտը Մոնփելիէն գլխաւորած էր նաեւ 2017-2021 տարիներուն:
Միշել Տէր Զաքարեան յունիս 2021-ին գլխաւորած էր Պրեսթը, ուրկէ հեռացած էր հոկտեմբեր 2022-ին:
Ան մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է 1998-ին` Մոնփելիէի հետ, 8 տարի աշխատելով երկրորդ եւ երրորդ խումբերուն հետ, իսկ 2017-ին գլխաւորած է անոր առաջին խումբը:
Ան նաեւ եղած է ֆրանսական Նանթի, Քլերմոնի եւ Ռեմսի գլխաւոր մարզիչը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մոնփելիէ այժմ 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:


