Մարզական

Վոլիպոլ.  Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան  Զտումի Մրցումները` Երեւանի Մէջ

Վոլիպոլ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումները` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար տղոց 2024-ի ախոյեանութեան Ե. խմբակին զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ, 21-23 յուլիսին: Այս խմբակին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆրանսա, Փորթուգալ եւ Դանիա: Նշենք, որ Եւրոպայի տղոց 2024-ի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նետերլանտներու մէջ: Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն Երեւանի մէջ կայացման` Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն. 	 Հրապարակուեցաւ Հայաստանի 23 Տարեկանէն Վար  Յունահռոմէական Ոճի Հաւաքականին Կազմը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի 23 Տարեկանէն Վար Յունահռոմէական Ոճի Հաւաքականին Կազմը

13-19 մարտին Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Բաբալարեան հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող իր կազմը: Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի մարզիկները. Կարապետ Մանուէլեան (55 քկ), Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ), Սահակ Յովհաննիսեան (63 քկ), Աշոտ Խաչատրեան (67 քկ), Հայկ Ասատրեան (72...

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս  Եւ Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ, Եուվենթուս Եւ Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական

Արսենալ Չկրցաւ Յաղթանակ Արձանագրել Փորթուգալի Մէջ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց սպանական Ռէալ Պեթիսը, արձանագրեց բաւական հանգիստ յաղթանակ մը` 4-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1): Մրցումին հաշիւը 6-րդ վայրկեանին բացաւ Մարքուս Ռեշֆորտ, մինչ մնացեալ կոլերը յաջորդաբար նշանակեցին Անթոնի (52-րդ), Պրունօ Ֆերնանտեզ (58-րդ) եւ Վութ Ուեկհորսթ (82-րդ): Իսկ...

Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Ռոնալտոյի Կազմը` Նասըր Պարտուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ռոնալտոյի Կազմը` Նասըր Պարտուեցաւ

Փորթուգալցի 38 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կազմը` Նասըր, որ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Իթթիհատին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Ռոմարինիօ` 80-րդ վայրկեանին: Ռոնալտօ, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, չյաջողեցաւ կոլ նշանակել: Այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Նասըր պարագլուխի դիրքը զիջի նոյնինքն Իթթիհատին (47 կէտ)` անկէ կէտով մը ետ մնալով:...

Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի Մրցումին  Տոմսերը Սպառեցան Նուազ Քան Մէկ Ժամուան Ընթացքին

Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Տոմսերը Սպառեցան Նուազ Քան Մէկ Ժամուան Ընթացքին

26 մարտին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին տեղի պիտի ունենայ «Քլասիքօ»-ի մրցումը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ, «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 99.354 հանդիսատես: Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթին համաձայն, այս մրցումի տոմսերուն հրապարակ իջնելէն նուազ քան մէկ ժամ առաջ անոնց վաճառքը արդէն իսկ սպառած էր: Ակումբի անդամ եղող անձերու տոմսերուն ապահովումէն կարճ ատեն...

Ռուսիա Ֆութպոլի Բարեկամական  Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Իրաքի Դէմ

Ռուսիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Իրաքի Դէմ

Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատասխանատուն` Մոհամետ Իմատ յայտնեց, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը 26 մարտին բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ռուսիոյ ազգային խումբին դէմ` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Իմատ ըսաւ, որ «մենք բաւական առաջ կը փափաքէինք մրցում մը կատարել Ռուսիոյ դէմ, հետեւաբար անոր հողերուն վրայ մրցում կատարելու գծով ոչ մէկ խնդիր կը տեսնենք»: Նշենք, որ Վալերի Քարփինի գլխաւորած կազմը` Ռուսիա,...

Պենզեմա Բացակայ`  Այսօրուան Մրցումէն

Պենզեմա Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այսօր` շաբաթ, 11 մարտին Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Ան բացակայեցաւ խումբին կատարած անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին կատարուած փորձերէն, որպէսզի կարենայ կեդրոնանալ չորեքշաբթի, 15 մարտին, Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին վրայ («Չեմփիընզ-Լիկ»): Նշենք,...

Քոնթէ Շատ Հաւանաբար  Հեռանայ Թոթենհամէն

Քոնթէ Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Թոթենհամէն

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար լքէ իր պաշտօնը` այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք: Իտալացիի ապագային վերաբերեալ թէեւ վերջնական որոշում ցարդ չէ տրուած, սակայն ակումբին մէջ բոլորը կը պատրաստուին մարզիչին հեռացման: Նշենք, որ Քոնթէի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023 տարուան ամառը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան այս որոշումին յանգեցաւ, երբ անոր կազմը դուրս...

Թենիս. «Ինտիըն-Ուելզ».  Խաչանով Եւ Ռուպլով Պարտուեցան  Զոյգի Մրցումներուն

Թենիս. «Ինտիըն-Ուելզ». Խաչանով Եւ Ռուպլով Պարտուեցան Զոյգի Մրցումներուն

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող երկու թենիսմեններ Կարէն Խաչանով եւ Անտրէյ Ռուպլով պարտութեամբ սկսան Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած թենիսի «Ինտիըն-Ուէյլզ» միջազգային մրցաշարքի զոյգի մրցումները: 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն անոնք 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Քեւին Քրավից (Գերմանիա)-Մարթեն Ֆապրիս (Ֆրանսա) զոյգէն: Անոնք երկուքը սակայն դուրս մնացած չեն մրցաշարքէն, որովհետեւ պիտի մասնակցին անհատական մրցումներուն: 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 15-րդ դասուած ռուսահայ Խաչանովի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Տինամոյին: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ մրցակիցի մարզադաշտին` «Ռոքլենտ-Արենա»-ի մէջ (օդակայանի ճամբուն վրայ): Նախքան այս մրցումը, տեղի պիտի ունենայ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-Լիտըրզ հանդիպումը` յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին: Նշենք, որ 16 յաղթանակ արձանագրած...

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Հայրենի Երեք Խաղացողներ Կը Շարունակեն  Երկու Յառաջատարներու Հետապնդումը

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Երեք Խաղացողներ Կը Շարունակեն Երկու Յառաջատարներու Հետապնդումը

Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն Գաբրիէլ Սարգսեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ Ջերկուս Փեչաքի դէմ (Սլովաքիա), անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 37-րդ շարժումին: Սարգսեանի նման 4,5 կէտ ունեցան նաեւ Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Անոնք երեքը այժմ կէսական կէտով ետ կը մնան երկու յառաջատարներէն: Իսկ 4-ական կէտ ապահոված են Մամիկոն Ղարիբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Էմին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայէրն Միւնիխ Մրցաշարքէն Դուրս  Ձգեց Փարիզ Սեն Ժերմենը,  Իսկ Ա. Սէ. Միլան` Թոթենհամը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Փարիզ Սեն Ժերմենը, Իսկ Ա. Սէ. Միլան` Թոթենհամը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր տոմսը` կրկնելով իր յաղթանակը Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն գծով, այս անգամ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ (երթ 1-0): Դարձի այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, իր 75 հազար համակիրներուն ներկայութեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով (մանաւանդ Բ....

Սուրիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նախկին  Խմբապետը Ցմահ Որակազրկուեցաւ

Սուրիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նախկին Խմբապետը Ցմահ Որակազրկուեցաւ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ահմետ Սալեհ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ցմահ որակազրկուեցաւ` Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարին վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով: Սուրիոյ բանակի հաւաքականին 33 տարեկան յետսապահը Ուաթպայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին յարձակած եւ թքած էր օրուան իրաւարարին վրայ: Ֆութպոլիստը նաեւ 1,5 միլիոն սուրիական դրամ (շուրջ 600 ամերիկեան տոլար)...

Վինիսիուս Շատ Հաւանաբար  Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն

Վինիսիուս Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամառ հեռանայ արքայական ակումբէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Կողմերը չկրցան համաձայնութեան գալ նոր պայմանագիրի երկարաձգման գծով, մինչ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024: Մէկ տարի ետք, ֆութպոլիստը անվճար չկորսնցնելու համար, մայրաքաղաքի կազմը յարմար առիթը ունենալու պարագային անմիջապէս պիտի ծախէ զայն: Կը նշուի, որ ֆութպոլիստով ներկայիս հետաքրքրուած...

Ֆ. Ք. Պրիւժ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Իր Մարզիչը

Ֆ. Ք. Պրիւժ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Անգլիացի մասնագէտ Սքոթ Փարքըր հեռացուեցաւ պելճիքական Ֆ. Ք. Պրիւժի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանը Սքոթ Փարքըրը հեռացուց խումբին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն դուրս մնալէն օր մը ետք: Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի 42 տարեկան նախկին ֆութպոլիստ Փարքըր նախորդ տարի գլխաւորած էր Ֆ. Ք. Պրիւժը` փոխարինելով Քարլ Հոյեֆքենսը: Ներկայիս, Պելճիքայի...

Քազեմիրօ Վիրաւորուեցաւ

Քազեմիրօ Վիրաւորուեցաւ

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրօ նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուեցաւ Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Իր ստացած այդ ոչ այդքան ծանր վէրքին պատճառով, ան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել սպանական Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին...

Տեմպելէի Ապաքինումը  Կ’ընթանայ Դանդաղ

Տեմպելէի Ապաքինումը Կ’ընթանայ Դանդաղ

Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի ապաքինումը ակնկալուածէն աւելի դանդաղ կ՛ընթանայ, իսկ անոր վերադարձը` ֆութպոլի դաշտեր, կրնայ քիչ մը աւելի ուշանալ: Տեմպելէ, որ վիրաւորուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին Ժիրոնայի դէմ կատարուած մրցումին, պիտի չկարենայ մասնակցիլ 12 մարտին, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, ինչպէս նաեւ` Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին:...

Պլեքփուլի Համակիր Մը Մահացաւ`  Այլ Համակիրներու Հետ Կռուելու Պատճառով

Պլեքփուլի Համակիր Մը Մահացաւ` Այլ Համակիրներու Հետ Կռուելու Պատճառով

Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Պլեքփուլի համակիր Թոնի Ճոնսըն մահացաւ` այլ համակիրներու հետ կռուելու պատ    ճառով: Հաղորդուեցաւ, որ 55 տարեկան Ճոնսըն ֆութպոլի մրցում մը դիտած է Մանչեսթըրի գիշերային զբօսավայրերէն («փապ») մէկուն մէջ, որմէ ետք ծեծկռտուք սկսած է 15 անձերու միջեւ: Ան թէեւ փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն հոն մահացած է` իր ստացած բազմաթիւ վնասուածքներուն պատճառով: Անգլիոյ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Լիվըրփուլի Աւելի Քան 19 Հազար  Համակիրներուն Պիտի Վերադարձնէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  Աւարտականի Տոմսին Գումարը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Լիվըրփուլի Աւելի Քան 19 Հազար Համակիրներուն Պիտի Վերադարձնէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականի Տոմսին Գումարը

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը որոշում տուած է, փոխհատուցում կատարել անգլիական Լիվըրփուլի այն համակիրներուն, որոնք ուշացումով մուտք գործեցին Փարիզի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտը, Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումին, կամ ընդհանրապէս չյաջողեցան մարզադաշտ մուտք գործել: Տոմսերուն արժէքին գումարը պիտի վերադարձուի 19.618 համակիրներու: Նշենք, որ տոմսերուն գինը կը սկսէր 70...

Արաուխօ Բացակայ` Աթլեթիքօ Պիլպաոյի  Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Արաուխօ Բացակայ` Աթլեթիքօ Պիլպաոյի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնային մաս կազմող ուրուկուէյցի 24 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ, որ մրցումով մը կախակայուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, պիտի բացակայի կիրակի, 12 մարտին, Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նշենք, որ ան Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած նախորդ հանգրուանի մրցումին, կարմիր քարտ մը ստացած էր: Սակայն ֆութպոլիստը իր...

Page 313 of 1280 1 … 312 313 314 … 1,280

Արխիւներ