Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնային մաս կազմող ուրուկուէյցի 24 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ, որ մրցումով մը կախակայուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, պիտի բացակայի կիրակի, 12 մարտին, Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ ան Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած նախորդ հանգրուանի մրցումին, կարմիր քարտ մը ստացած էր:
Սակայն ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 19 մարտին Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք 26-րդ հանգրուանի մրցումին (Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն):