Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը որոշում տուած է, փոխհատուցում կատարել անգլիական Լիվըրփուլի այն համակիրներուն, որոնք ուշացումով մուտք գործեցին Փարիզի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտը, Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումին, կամ ընդհանրապէս չյաջողեցան մարզադաշտ մուտք գործել:
Տոմսերուն արժէքին գումարը պիտի վերադարձուի 19.618 համակիրներու:
Նշենք, որ տոմսերուն գինը կը սկսէր 70 եւրոյէն` հասնելով մինչեւ 690 եւրոյի, այսինքն` ընդամէնը 3,4 միլիոն եւրօ:
Վերոնշեալ մրցումը սկսած էր 36 վայրկեան ուշացումով, երբ ոստիկանութեան եւ համակիրներուն միջեւ բախում տեղի ունեցած էր:
2022-ին տեղի ունեցած աւարտական հանգրուանի այդ մրցումը աւարտած էր մատրիտեան կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: