Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այսօր` շաբաթ, 11 մարտին Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ան բացակայեցաւ խումբին կատարած անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին կատարուած փորձերէն, որպէսզի կարենայ կեդրոնանալ չորեքշաբթի, 15 մարտին, Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին վրայ («Չեմփիընզ-Լիկ»):
Նշենք, որ 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, արքայական ակումբը, որ այժմ ունի 53 կէտ, 9 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնայէն:


