Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար լքէ իր պաշտօնը` այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք:
Իտալացիի ապագային վերաբերեալ թէեւ վերջնական որոշում ցարդ չէ տրուած, սակայն ակումբին մէջ բոլորը կը պատրաստուին մարզիչին հեռացման:
Նշենք, որ Քոնթէի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023 տարուան ամառը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան այս որոշումին յանգեցաւ, երբ անոր կազմը դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, պարտուելէ ետք Ա. Սէ. Միլանէն:


