«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ահմետ Սալեհ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ցմահ որակազրկուեցաւ` Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարին վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով:
Սուրիոյ բանակի հաւաքականին 33 տարեկան յետսապահը Ուաթպայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին յարձակած եւ թքած էր օրուան իրաւարարին վրայ:
Ֆութպոլիստը նաեւ 1,5 միլիոն սուրիական դրամ (շուրջ 600 ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ անոր ակումբը` 3 միլիոն սուրիական դրամ տուգանքի:


