Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող երկու թենիսմեններ Կարէն Խաչանով եւ Անտրէյ Ռուպլով պարտութեամբ սկսան Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած թենիսի «Ինտիըն-Ուէյլզ» միջազգային մրցաշարքի զոյգի մրցումները:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն անոնք 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Քեւին Քրավից (Գերմանիա)-Մարթեն Ֆապրիս (Ֆրանսա) զոյգէն:
Անոնք երկուքը սակայն դուրս մնացած չեն մրցաշարքէն, որովհետեւ պիտի մասնակցին անհատական մրցումներուն:
1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 15-րդ դասուած ռուսահայ Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ գերմանացի Օսքար Օթէ (82-րդ):


