Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Պլեքփուլի համակիր Թոնի Ճոնսըն մահացաւ` այլ համակիրներու հետ կռուելու պատ ճառով:
Հաղորդուեցաւ, որ 55 տարեկան Ճոնսըն ֆութպոլի մրցում մը դիտած է Մանչեսթըրի գիշերային զբօսավայրերէն («փապ») մէկուն մէջ, որմէ ետք ծեծկռտուք սկսած է 15 անձերու միջեւ:
Ան թէեւ փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն հոն մահացած է` իր ստացած բազմաթիւ վնասուածքներուն պատճառով:
Անգլիոյ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է 33 տարեկան կասկածելի մը: