Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի ապաքինումը ակնկալուածէն աւելի դանդաղ կ՛ընթանայ, իսկ անոր վերադարձը` ֆութպոլի դաշտեր, կրնայ քիչ մը աւելի ուշանալ:
Տեմպելէ, որ վիրաւորուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին Ժիրոնայի դէմ կատարուած մրցումին, պիտի չկարենայ մասնակցիլ 12 մարտին, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, ինչպէս նաեւ` Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին:
Ան այս տարեշրջանին բոլոր մրցաշարքերուն իր մասնակցութիւնը բերած է 28 մրցումի, նշանակած 8 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: