Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրօ նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուեցաւ Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Իր ստացած այդ ոչ այդքան ծանր վէրքին պատճառով, ան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել սպանական Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ: