Թալիննի մէջ (Էսթոնիա) կատարուող Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան տիրացաւ պրոնզ մետալին օդամղիչ ատրճանակի մարզաձեւին մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի նշանառութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
10 մեթրի 60 կրակոց աղջկանց մրցումներուն, ան ապահովելով 577 կէտ, 59 մասնակցողներու մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը, ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, ուր յայտնուեցան զտումի հանգրուանի ութ լաւագոյն մարզիկները:
Կիսաւարտականին, ան ապահովելով 250,0 կէտ, մնաց երրորդ դիրքին վրայ` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Էլմիրա Կարապետեան 2022-ի աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութեան ընթացքին արդէն իսկ ապահոված էր «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը: