Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի պաշտօնը բաւական վտանգուած է, եւ շատ հաւանական է, որ ան պաշտօնանկ ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Նախորդ շաբաթավերջին Ինթեր Միլանի կրած պարտութիւնը` Սպեցիայէն, 2-1 արդիւնքով, հաշտ աչքով չդիտուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, մանաւանդ որ մրցակից կազմը կը գտնուի վտանգաւոր դիրքին վրայ (17-րդ):
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, խումբին ֆութպոլիստները եւս կորսնցուցած են իրենց վստահութիւնը` իրենց մարզիչին նկատմամբ:
Մարզիչին ճակատագիրը ակումբին մէջ կրնայ վճռել Փորթոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը («Չեմփիընզ Լիկ»):


