Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր ակումբին 3000-րդ կոլը` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») մրցումներուն գծով:
Պրեսթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին յաղթանակով (2-1), ան նշանակեց անոր յաղթանակի կոլը` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1-րդ):
Անոր խմբակից Քարլոս Սոլեր նշանակած էր առաջին կոլը (37-րդ):
Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն դարձաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի պատմութեան մէջ 12-րդ ակումբը, որ կը հասնի այդ ցուցանիշին. ասոր համար անիկա պէտք ունեցաւ 1858 մրցումի:
Մինչ Մարսէյ (1801) եւ Սենթ Էթիեն (1816) այդ արդիւնքին հասած են աւելի նուազ մրցումներով:
Պրեսթի դէմ արձանագրուած յաղթանակէն ետք, Սեն Ժերմեն, որ այժմ 66 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, 10 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Մարսէյը, որ այս հանգրուանին ճակատեցաւ Սթրազպուրկի դէմ:
Մարսէյ, որ 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր մինչեւ 88-րդ վայրկեանը, երկու կոլ ստանալէ ետք իր բերդին մէջ, մրցումը աւարտեց 2-2 արդիւնքով:


