Վաղը` Ռէալ Մատրիտ–Լիվըրփուլ Եւ
Նափոլի–Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ:
Այսօր Փորթօ կը հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը, մինչ Մանչեսթըր Սիթի` Լայփցիկը, իսկ վաղը Ռէալ Մատրիտ` Լիվըրփուլը, մինչ Նափոլի` Այնթրախթ ֆրանքֆորթը:
Երթի մրցումներուն, Ինթեր արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ռէալ Մատրիտ` 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Նափոլի` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Լայփցիկ-Մանչեսթըր Սիթի մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան այս մրցումին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Ինթերի կազմին հետ նկատի առնուած է իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Նշենք, որ վերոնշեալ չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):