Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 14 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ այլ մրցում մըն ալ, երբ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Հուփս պիտի հիւրընկալէ Տինամոն:
Այս հանգրուանի բացման մրցումին, Պէյրութ 108-74 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մարիսթի դէմ:
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Մարիսթի խմբապետ Ճիմի Սալեմ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (30):